Փշրուած հայելի մը... Այսպէս կը տեսնեմ ինքզինքս:
Վեց տարեկանէս սկսեալ կտորներու բաժնուած, մինչեւ դարձայ մեծահասակ, կեանքին դէմ պայքարող:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բեկորներով հայելի մը, որուն մէջ ինքզինքս կը տեսնէի հանելուկի կտորներով , որոնք պէտք է միացուէին՝ կերտելու իմ իսկական պատկերս:
Մանկութեանս յիշատակները կը կրեն քաղաքացիական պատերազմի արիւնահեղութեան հետքերը: Վեց տարեկան էի երբ պատերազմը սկիզբ առաւ, եւ այդ էր առաջին հանդիպումս մահուան հետ:
Պէյրութի փողոցներուն մէջ ես տեսայ մահը:
Ընտանիքս՝- մայրս, երկու քոյրերս եւ եղբայրս - պատերազմի ճիրաններուն մէջ գտնուող Լիբանանէն փախան դէպի ապահով Սէուտական Արաբիա, ուր հայրս կ'աշխատէր օրապահիկ ապահովելու:
Ռումբերու պայթումներուն եւ Պէյրութի համեմատաբար խաղաղ ժամանակներուն միջեւ կ'երազէի դառնալ հեռատեսիլի բեմադրիչ:
Երազը դարձաւ իրականութիւն եւ, առաջին անգամ ըլլալով, լոյսի նշոյլ մը նշմարեցի փապուղիին ընդմէջէն:
Յաճախեցի Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարան, յետագային հոնկէ վկայուելով որպէս հեռուստացոյցի ծրագիրներու բեմադրիչ:
Խորհեցայ, թէ համալսարանական վկայականովս դիւրութեամբ պիտի կարենամ գործ մը գտնել... բայց, աւա՜ղ... դարձեալ անդրադարձայ, որ կեանքը անարդար է, եւ իմ պայքարս շարունակուեցաւ:
Հեռուստացոյցի աշխարհին մէջ զանազան գործեր ստանձնեցի, մինչեւ որ օր մը, հօրս նման, որոշեցի ճամպրուկներս հաւաքել եւ ճամբորդեցի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, որ մօտ է Սէուտական Արաբիոյ, ուր հայրս անցուցած է իր կեանքի լաւագոյն տարիները:
Անգամ մը եւս, Ապու Տապիի հեռուստացոյցի պետական կայանէն անցայ Տուպայի հեռուստացոյցի պետական կայանը եւ ի վերջոյ հաստատուեցայ որպէս հեռուստացոյցի ծրագիրներու բեմադրիչ, MBC խումբին եւ «Ալ Արապիա» եւ «Ալ հատաս» կայանին հետ:
Այս բոլոր վերիվայրումները, թէ՛ կեանքի եւ թէ՛ ասպարէզի մէջ, բնական էին ինծի համար, նկատի առնելով, որ մանկութեան միայն տխուր յուշեր ունէի:
Արագընթաց քաղաքի մը մէջ առանձնութեան պատճառով մտայ ընկճուածութեան փուլ մը, շրջապատուած ըլլալով միայն քանի մը անձերով: Իրականութեան մէջ, ես չեմ գիտեր փոխ յարաբերիլ մարդոց հետ, ընկերներ կազմել եւ անոնց օգնութեան դիմել:
Այս մարտահրաւէրները իրենց գագաթնակէտին հասան մօրս մահով 2006 թուականին:
Մահը անգամ մը եւս աչքերուս մէջ կը նայէր եւ այս անգամ ստիպուած էի զայն դիմակայել:
Մահը խոր ցաւ կը պատճառէ երբ այլեւս մանուկ չես, այլ՝ չափահաս: Այդ տարբեր առերեսում է:
Զայրոյթը եւ ցաւը բարձրացան նոր մակարդակներու եւ ես ապրեցայ նոր զգացումներ, որոնց մասին բնաւ չէի իմացած... բայց անօգուտ:
Օր մը, բարեկամ մը այցելեց տունս եւ դրական ուժականութիւն կերտեց փշրուած աշխարհիս շուրջ:
Այդ օր ես սկսայ հետաքրքրուիլ հոգեկան բուժումով, Չաքրայի ուժականութեամբ, եոկայով եւ խոկումներով:
Հոս կեանքը սկսաւ զիս այլ՝ նոր ճանապարհով տանիլ... մօտս սկսաւ հետաքրքրութիւն յառաջանալ շրջապատիս նկատմամբ: Սկսայ ընտելանալ կեանքին հետ:
Ուրախ եւ հետաքրքրուած ըլլալով ուժականութեամբ բուժումի գաղափարին հետ, միեւնոյն հետաքրքրութիւնը բաժնող անձերու հետ որոշեցի Նեփալ ճամբորդել:
2015-ի Ապրիլին հասայ Քաթմանտու:
Երկու օր ետք, 25 Ապրիլին, զգացի երկրին գետինը կը շարժէր:
Անմիջապէս վերյիշեցի պատերազմական Լիբանանը եւ ռմբակոծումները:
Բայց ոչ, այս մէկը տարբեր էր... երկրաշարժ էր:
Սարսաբած էի, բայց մօրս ձայնը լսեցի՝ «Մի վախնար, աղջիկս, ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ»։
Այդ օր 9.000 հոգի մահացաւ եւ 22.000 վիրաւորուեցան։
Այս դէպքը եկաւ զիս արթնցնելու, որ պէտք է կառչած մնամ կեանքին եւ իւրաքանչիւր օրը արժեւորեմ անվախօրէն եւ առանց զղջումի:
Երբ ի վերջոյ ապահով հասայ Տուպայ, ինծի համար սկսաւ ուրիշ ճանապարհորդութիւն մը՝ ինքնայայտնաբերումի, եւ թէ ինչու ես պիտի ապրէի երկրաշարժի աղէտին փորձառութիւնը:
Կեանքս միանգամ ընդմիշտ վերահսկելու ամէն տեսակի բուժումները փորձեցի:
Սկսայ սորվիլ հիփնոսացումի բուժումին մասին, ինչ որ առիթ տուաւ ինծի յայտնաբերելու մտքիս անգիտակից բաժնին թաքուն հատուածները:
Սորվեցայ ընդունիլ կեանքի պայմանները եւ հաշտ ըլլալ անոնց հետ: Դադրեցայ ջղային անձ մը ըլլալէ: Սկսայ հասկնալ անձս, ընտանիքս եւ շրջապատս:
Սկսայ, առաջին անգամ ըլլալով, շնչել, զգալ որ կը շնչեմ... որ ողջ եմ:
Մանաւանդ երբ մասնակցեցայ Վիրճինիա Սաթիր ընտանեկան բուժումի դասընթացքին:
Շնորհակալ եմ ապրած իւրաքանչիւր օրուան համար: Իսկական կեանքս սկսաւ այն պահուն, երբ ընտելացայ անձիս հետ եւ սկսայ գիտակցիլ իմ ունեցած օրհնութիւններուն:
Զարթնեցէք, ժամանակն է ձեր աչքերը բանալու եւ յայտնաբերելու նոր աշխարհ մը եւ դուք ձեզ՝ որպէս նոր անձ:
Ձեր անձը գտնելու ճամբուն վրայ ձեզի կը մաղթեմ բարի ճանապարհորդութիւն:
Copyright © 2018 Aznive Tossounian - All Rights Reserved.
Powered by GoDaddy Website Builder